Լուրեր դէմեն

2011-11-09 12:31

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄԸ

Կիրակի 6 Նոյեմբեր 2011-ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ կերպով նշուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 60-րդ եւ գահակալութեան 12-րդ տարեդարձները։

En savoir plus...

2011-10-18 10:11

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի 18 Հոկտեմբեր 2011-ին Իսի Լէ Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ գումարուեցաւ Փարիզի եւ շրջակայքի ծուխերու հոգեւոր հովիւներու ժողովը, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի

En savoir plus...

2011-10-05 00:00

107-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՓԱՐԻԶԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2011-ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ օծման 107-րդ տարեդարձը։

En savoir plus...

2011-10-01 00:00

ԹԵՄԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ֆրանսայի Թեմի 6-րդ Պատգամաւորական Ժողովը բացուեցաւ Շաբաթ 1 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առնուվիլի Հրանդ Տինք վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի աղօթքով։

En savoir plus...

2011-09-30 00:00

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Ֆրանսայի Թեմի հոգեւորականներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 30 Սեպտեմբեր 2011-ին, Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի, եւ մասնակցութեամբ Ֆրանսայի տարածքին գործող հոգեւոր հովիւներու, որոնցմէ ոմանք կը բացակայէին, բանաւոր պատճառներով։

En savoir plus...

2011-09-22 00:00

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻՈՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԾԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեան` ընկերակցութեամբ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Փաթրիս Ճօլօլեանի եւ Թեմական Պատգամաւորական ժողովոյ դիւանին Ատենապետ Պրն. Ժաք Տէյիրմէնճեանի պաշտօնական այցելութիւն տուին Լիոնի ծուխին:

En savoir plus...

2011-09-13 00:00

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐՈՒՄ ՆՇՈՒԵՑ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ

Տարւոյս սեպտեմբեր 11-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին յիշատակեց Խաչվերացի տօնը, որը Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն վերջինն է եւ նուիրուած է Տիրոջ խաչափայտին:

En savoir plus...

2011-07-25 12:30

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ

Տ. Մանուէլ Քահանայ Ռաշօ-Յովհաննէսեան Հանդիսապետութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի։ Սկիզբ ժամերգութեան՝ ժամը 9-ին Ս. Պատարագ՝ ժամը 10։30-ին

En savoir plus...

2011-06-09 17:21

Քահանայական ձեռնադրութիւն Ֆրանսայի Հայոց Թեմին մէջ

2011 Յունիս 5-ին, Կիրակի առաւօտուն, Ֆրանսայի Առնուվիլ լէ-Կոնէս հայաշունչ գաղութի Վարագայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

En savoir plus...

2011-04-25 00:00

Երեւանի քաղաքապետի այցելութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւը եւ Թեմական Խորհուրդը ջերմօրէն դիմաւորեցին Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանն ու պատուիրակութիւնը՝Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։

En savoir plus...

Nouvelles du diocése - Newsreader am

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄԸ

2011-11-09 12:31

Կիրակի 6 Նոյեմբեր 2011-ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ կերպով նշուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 60-րդ եւ գահակալութեան 12-րդ տարեդարձները։

Փարիզի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարթեւ Աբեղայ Բարսեղեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի կենսագրական գիծերուն, 12 տարուան ընդգրկուն գործունէութեան եւ բեղմնաւոր իրագործումներուն։ Ան յորդորեց, որ Վեհափառ Հայրապետի այս տարեդարձներուն առթիւ մեր մեծագոյն նուէրը ըլլայ մեր քրիստոնէական կենցաղը եւ ազգային արժէքներու հանդէպ նախանձախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր որդիական սէրն ու ակնածանքը Նորին Սրբութեան հանդէպ։

Քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Հայոց Հովուապետի կենաց արեւշատութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան համար։

Պատարագէն ետք ժողովուրդը հաւաքուեցաւ եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահը, ուր Տիկնանց Յանձնախումբը պատշաճ հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էր։ Ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Փաթրիս Ճօլօլեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան Ատենապետ Պրն. Գեղամ Թորոսեան, Ծխական Խորհուրդի, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներ։

Հայր Պարթեւ խօսք առնելով բացատրեց օրուան տօնակատարութեան իմաստը։ Ըսաւ՝ որ այս առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն մասնակցելու համար արդէն Ս. Էջմիածին կը գտնուէին Ֆրանսայի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան եւ Փարիզի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիկ. Թամարա Քոչարեան։ Հայր Սուրբը կոչ ուղղեց, որ բոլորս միասին հոգեպէս եւ մտովի կապուինք Ս. Էջմիածնի հետ եւ ի խորոց սրտի շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը, մաղթելով՝ որ Աստուած օրհնէ Նորին Սրբութեանեռանդն ու ջանքերը, որոնք ուղղուած են մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքի առաւել ճիշդ եւ արդիւնաւոր կազմակերպման նպատակին։

Ապա Հայր Սուրբին առաջարկով ներկաները իրենց բաժակները բարձրացուցին խմելու համար Վեհափառ Հայրապետի կենացը։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը ժողովուրդի ձայնակցութեամբ ծաղկեցուց բարձրացուած կենացը՝ «Ամէն Հայի սրտից բխած» հայրապետական մաղթերգով։

 

Թղթակից

Revenir